2016-03-31 12:30:00

Լոյս կը տեսնէ ''Սիրոյ ուրախութիւնը''` ընտանիքի յետ-սիւնհոդոսական յորդորագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ` յառաջիկայ ուրբաթ 8 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլող գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի Ֆրանչսիկոս Պապին ընտանիքի սիրոյ մասին “Amoris  laetitia -Սիրոյ ուրախութիւնը'' խորագիր կրող ընտանիքի մասին` նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին գումարուած ընտանիքի մասին սիւնհոդոսներու յետ-սիւնհոդոսական յորդորագիրը։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան. Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի` Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարը, Կարդինալ ՔրիստոՖ Շոնպորն` Վիեննայի արքեպիսկոպոսը, եւ Ֆրանչեսքօ Միանօ ու Ճուզեփփինա Տէ Սիմոնէ ամոլը` առաջինը` Բարոյագիտական Փիլիսոփայութեան դասատու, Հռոմի Թոր Վերկաթա համալսարանին մէջ եւ երկրորդը Փիլիսոփայութեան դասատու` Նափոլիի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։

Մամլոյ Ասուլիսին կարելի է հետեւիլ ուղիղ եթերով` Ռատիովատիկանի կայանին  http://player.rv.va միջոցաւ։

Վերոնշեալ յորդորագիրը պիտի հրատարակուի վեց լեզուներով` Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն, սպաներէն եւ Փորթուկալերէն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.